Սերպիոյ Օրթոտոքս Պատրիարքի Պատմական Այցելութիւնը Խրուաթիա` Հաշտութեան Կոչ Խրուաթներու
Ու Սերպերու Միջեւ։
Սերպիոյ օրթոտոքս Պատրիարքը Իրենոս առաջին Խրուաթիա կատարած պատմական այցելութեան ընթացքին
հաշտութեան կոչ ուղղեց խրուաթներու ու սերպերու միջեւ։ Պատրիարքը 8 յունիսին այցելութիւն
կատարեց Զաղրեպի առաջնորդ կարտինալ Պոզանիչին։ Երկու եկեղեցականները միացեալ հաղորդագրութեան
մէջ խնդրեցին փոքրամասնութիւններու յարգանքը ու անցեալի սխալներու մոռացիումը։ Խրուաթիոյ
նախագահ Եոզիբովիչ ողջունեց Սերպիոյ իրենոս Ա. պատրիարքին այցելութիւնը որակելով այցելութիւնը
համամիութենական ու յոյժ կարեւոր եւ միաժամանակ յոյս յայտնեց որ այցելութիւնը նպաստէ
խաղաղութեան երկու ժողովուրդներու ու կրօներու միջեւ։ Յայտնենք որ Իրենոս Ա. պատրիարքին
կ'ընկերանային երեք եպիսկոպոսներ։ Ան Զաղրեպ կեցութեան ընթացքին օրհնեց նորակառոյց սերպ
եկեղեցւոյ պատկան դպրոցը։